9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութենէն եւ բանաւոր գաղտնի պայմանաւորուածութիւններէ ետք տեղի ունեցած որոշ զարգացումները իրաւամբ յառաջացուցած են մեր ժողովուրդին դժգոհութիւնն ու կասկածը, որոնք կ՚անտեսուին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին կառչած անձին կողմէ։ 11 Յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն նախօրէին, նոյն կասկածելի անձնատու քայլերու հաւանականութիւնը տեղի տուած է նոր մտահոգութիւններու, որոնք Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ արտայայտուած են թէ՛ ժողովրդային մակարդակով եւ թէ՝ ազգային եւ քաղաքական կառոյցներու, խմբաւորումներու կողմէ։ Հաշուի առնելով որ Հ․Հ․ վարչապետը յատկապէս վերջին ամիսներուն աւելի յաճախ կը գործէ թաքուն կերպով, առանց որեւէ հաշուետուութեան, հաշուի առնելով նաեւ որ Հ․Հ․ կարգ մը նախարարներու կամ այլ պաշտօնեաներու կողմէ տրուած բացատրութիւնները երաշխիք չեն կրնար համարուիլ, որ Հ․Հ․ վարչապետը հակասահմանադրական անձնատու նոր քայլերու պիտի չդիմէ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն կը կիսէ արտայայտուած մտահոգութիւնները եւ առ այդ կը յայտարարէ.
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
10 Յունուար 2021